Jump to content

Ռոպըրթ Պրաունինկ

Ռոպըրթ Պրաունինկ
Ծնած է 7 Մայիս 1812(1812-05-07)[1][2][3][…]
Ծննդավայր Լոնտոն, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութիւն[4]
Մահացած է 12 Դեկտեմբեր 1889(1889-12-12)[1][2][3][…] (77 տարեկանին)
Մահուան վայր Վենետիկ, Իտալիա[4]
Քաղաքացիութիւն  Միացեալ Թագաւորութիւն
Կրօնք Աթէիզմ
Ուսումնավայր Լոնտոնի համալսարանական քոլեճ
Երկեր/Գլխաւոր գործ «Մատանին եւ Գիրքը»
Մասնագիտութիւն թատերագիր, բանաստեղծ, գրագէտ, Թատերագիր
Աշխատավայր Օքսֆորտի Համալսարան
Ամուսին Էլիզապէթ Պարեթ Պրաունինկ
Երեխաներ Ռոպըրթ Ուիտմէն Պրաունինկ[5]
Ստորագրութիւն

Ռոպըրթ Պրաունինկ (անգլերէն՝ Robert Browning), վիքթորիական դարաշրջանի անգլիացի բանաստեղծ եւ թատերագիր:

Ծնած է Լոնտոնի Քամպերուէլ շրջանը, դրամատան պաշտօնեայի մը ընտանիքին մէջ: Մանուկ հասակէն հրապուրուած է խորհրդապաշտ սերունդի բանաստեղծութեամբ: Ամուսնացած է բանաստեղծուհի Էլիզապէթ Պարեթ Մոուլթոնին հետ[6], կնոջ հետ տեղափոխուած է Իտալիա, ապրած՝ Ֆլորանս: Ունեցած են մէկ որդի:

Պրաունինկ մահացած է Վենետիկ[7]:

Ստեղծագործութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պրաունինկ անդամակցած է Չարլզ Տիքընզի եւ Ուիլիըմ Ուորթսուրթի գրական խմբակին:

Անոր սիրած գրական-գեղարուեստական ձեւը թատերական մենախօսութիւնն է՝ պատմական զանազան դրուագներու պատումով, փիլիսոփայական խոհերով, յուշերով եւ խոստովանութիւններով յագեցած:

Պրաունինկի բնորոշ է լարուած հետաքրքրութիւնը անհատական բարոյահոգեբանական ընդհարումներու նկատմամբ:

Անոր նշանաւոր գործերէն է՝ «Տարրալուծարանը» («The Laboratory») բանաստեղծութիւնը, որ կը պատմէ կնոջ մը մասին, որ թոյն կ'օգտագործէ իր սիրածին ընկերուհին սպաննելու համար:

Պրաունինկի ամէնէն ծաւալուն ստեղծագործութիւնը՝ «Մատանին եւ գիրքը» («The Ring and the Book») բանաստեղծութիւնն է[8], որ բաղկացած է աւելի քան քսան հազար տողէ։ Անիկա յօրինուած է իրական պատմութեան վրայ եւ կը պատմէ ԺԷ. դարու վերջին Իտալիոյ կատարուած իրական ոճրագործութեան մը մասին։ Անոր գլխաւոր հերոսը Փոմփիլիա Քոմփարինին է՝ երիտասարդ կին մը, որ մահացու դաշունահարուած է ամուսինին՝ կոմս Կուիտօ Ֆրանչեսկինիի կողմէ։

Գրողին լաւագոյն գիրքը՝ «Տղամարդիկ եւ կինը» խորագիրը կրող մենախօսութիւններու ժողովածուն է, որ առաջին անգամ լոյս տեսած է 1855-ին։

Պրաունինկի հրատարակած վերջին գիրքը «Ասոլանտօ»ն է, որ տպագրուած է 1889-ին[8]:

Ժիլպերթ Քիթ Չեսթերթոն Ռոպըրթ Պրաունինկի մասին գրած է կենսագրական գիրք մը, որ 1903-ին հրատարակուած է «Macmillan & Co.»-ի կողմէ[9]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]