Միրիամ Մաքեպա
Միրիամ Մաքեպա, (4 Մարտ 1932 – 9 Նոյեմբեր 2008), «Ափրիկէի Մայր» («Մամա Աֆրիքա» Mama Africa), Սեւամորթ Ափրիկէի պայքարին մէկ խորհրդանիշը դարձած հերոսուհի, որուն անունը յաճախ հաւասար գիծի վրայ կը դրուի Նելսըն Մանտելայի ու ազատատենչութեան խորհրդանիշ դարձած այլ անձնաւորութիւններու հետ։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Միրիամ Մաքեպա ծնած է Եոհանսպուրկ, 4 Մարտ 1932-ին։
Սպիտակամորթներու կողմէ հաստատուած խտրական վարչամեքենայի լուծին տակ կքած՝ Հարաւային Ափրիկէի մէկ դուստրն էր ան։ Ծնողները զինք անուանած էին Զենզիլ Միրիամ Մաքեպա. մանկութեան օրերուն ի յայտ բերած էր երաժշտական տաղանդ, պատանութեան օրերուն կը գերուի երգարուեստի ու ցեղախմբային մշակոյթներու հմայքով, եւ հազիւ երիտասարդութեան սեմը թեւակոխած՝ կը դառնայ ճնշուած ցեղին բողոքի ու պահանջատիրութեան ձայնը։
Արհեստավարժ երգչուհի կը դառնայ 50-ական տարիներու սկիզբը ու պայքարի իր երգը բեմերու վրայ կը պահէ աւելի քան կէս դար։ Կը դառնայ երաժշտական ազատ արտայայտութեան՝ ճէզի մէկ դրօշակիրը, զայն միախառնելով իր ծննդավայրի բնիկ երաժշտութեան հետ, ինչպէս որ իր երգերը կը դառնան երկիրի ցեղախմբային-բարբառայինը եւ անգլերէնը միատեղող։ Իր երկիրին, նաեւ ողջ Ափրիկէի երաժշտական մշակոյթը վերականգնելու ճիգին զուգահեռ, անոր ամբողջ կեանքը նաեւ կը դառնայ ներդրում՝ ստրկատիրութեան ու խտրականութեան դէմ պայքարին մէջ, որուն համար սուղ կը վճարէ տասնամեակներ շարունակ, առանց զիչելու եւ նահանջ արձանագրելու։ Կը դառնայ Հարաւային Ափրիկէի խտրական իշխանաւորներուն աչքին փուշը, սակայն Նելսըն Մանտելային պէս, կը դառնայ արդարութեան յաղթանակը շահողներու փաղանգին մէջ։
Արտաքսում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ճակատումը կը սկսի 50-ական տարիներու վերջերուն, երբ գաղափարակիցներու հետ վարպետօրէն խուսանաւելով իր երկիրին բռնատէրներուն դէմ, դեր կը ստանձնէ գաղտնաբար պատրաստուած «Վերադարձիր, Ափրիկէ» ժապաւէնին մէջ, որ ներբողական մըն էր ափրիկեան բնիկ մշակոյթին, խտրականութեան դէմ խմորուող շարժումին ու ազատատենչութեան։ Յաջորդ տասնամեակներուն նոյն բնոյթի ժապաւէններու մէջ իր դերերով (դափնիներու կը տիրանայ եւրոպական փառատօններու մէջ, սակայն պատճառ կը դառնայ, որ Հարաւային Ափրիկէի իշխանութիւնը զինք զրկէ քաղաքացիական իրաւունքէ։ Սակայն իր հռչակն ու պայքարի ուղին իրեն կ'ապահովեն տասնեակ մը երկիրներու պատւոյ քաղաքացիի իրաւունք ու նոյնքան թիւով անցագիրներ: 50-ական տարիներուն, ան բարեկամութիւն կը հաստատէ հռչակաւոր այլ յեղափոխականի մը՝ Հէրի Պելաֆոնթէի հետ, որ իր առջեւ կը բանայ Միացեալ Նահանգներու երգարուեստի աշխարհին դուռները։ Այնուհետեւ, Մաքեպայի կեանքը կը դառնայ երկարաշունչ թափառումներու պատմութիւն մը՝ Եւրոպայէն մինչեւ Հարաւային Ամերիկա եւ ափրիկեան երկիրներ, բեմ կը բարձրանայ Տիզի Կիլեսփիի պէս հսկաներու հետ, սակայն անոր երգը կ'ըլլայ ու կը մնայ պայքարունակ, ճիշդ այնպէս, ուրկէ ճամբայ ելած էր 50-ականներուն։ 60-ականներուն, Միացեալ Նահանգներու մէջ անոր երաժշտական շրջապտոյտները եւ երգահանդէսները կ'արգիլուին. բանադրանքը կը մն��յ երկար, որովհետեւ ան իր ձայնը կը միացոնէ այդ օրերու դառն իրականութեանց դէմ խաղաղ միջոցներով յեղափոխութեան անցած մտաւորականներու ու արուեստագէտներու ձայնին։
Վերադարձ Հարաւային Ափրիկէ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հարաւային Ափրիկէի ազատագրումն ու Նելսըն Մանտելայի յաղթանակը կը վերաբանան հայրենիք վերադարձի անոր ճամբան։ 1991-ին կը վերադառնայ իր հայրենիքը, կը շարունակէ մնալ խաղաղասիրութեան ու մարդոց-երկիրներու միջեւ համերաշխ գոյակցութեան դրօշակիրներէն։
Մահ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]9-էն 10 Նոյեմբեր լուսցող գիշերը, Իտալիոյ Նափոլի քաղաքին մօտակայ աւանի մը մէջ կը մահանայ ազատատենչ ու յեղափոխական երգչուհիի մը ձայնը. Միրիամ Մաքեպա, 76 տարեկան հասակին, խտրականութեան ու մաֆիաներու դէմ պայքարի համար կազմակերպուած երգահանդէսի մը ընթացքին, 9 Նոյեմբերի գիշերը, իր հռչակաւոր մէկ երգը՝ «Փաթա-Փաթա»ն կատարելու պահուն, կ'իյնայ բեմին վրայ ու քանի մը ժամ ետք կը մեկնի աշխարհէն, ետին ձգելով պայքարի ու մշակութային ստեղծագործութիւններու հսկայական ժառանգութիւն մը, որ զինք արժանի դարձուցած էր «Ափրիկէի Մայր» կոչումին։ Անոր ծննդավայրին՝ Հարաւային Ափրիկէի հետ, ամբողջ աշխարհն ու մանաւանդ արդարութեան համար պայքարողներ սուգի կը մատնուին Մաքեպայի շիջումով[1]։
Գրականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Allen Lara (2008)։ «Remembering Miriam Makeba»։ Journal of the Musical Arts in Africa 5 (1): 89–90։ doi:10.2989/JMAA.2008.5.1.6.789
- Allen Lara (2011)։ «Makeba, Miriam Zenzi»։ in Akyeampong Emmanuel K., Gates Henry Louis Jr.։ Dictionary of African Biography։ Oxford University Press։ ISBN 978-0-19-985725-8
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Miriam Makeba at National Public Radio
- Jolaosho Tayo (Spring 2014)։ «Anti-Apartheid Freedom Songs Then and Now»։ Folkways Magazine (Smithsonian)։ արտագրուած է՝ 24 Հոկտեմբեր, 2016
- «Hommage a Miriam Makeba – Festival d'Ile de France»։ AOL Video։ արտագրուած է՝ 11 Նոյեմբեր, 2010