Կիլիկիոյ Պետական Կարգը
Կիլիկեան Հայաստանի պետական կարգը, ձեւաւորուած է աւատատիրական Հայաստանի աւանդոյթներուն հիման վրայ՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հաստատուած խաչակիր ասպետներու իշխանութիւններու եւ եւրոպական պետութիւններու կառավարող մարմիններու ազդեցութեամբ։
Թագաւորին գործառոյթները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թագաւորը՝ իբրեւ պետութեան գլուխը եւ երկրին գերագոյն տէրը, օժտուած էր բացառիկ իրաւունքներով եւ առանձնաշնորհումներով։ Ան իր մշտական դեսպանները ունեցած է Հռոմի, Նափոլի, Կոստանդնուպոլսոյ, Ֆրանսայի, Անգլիոյ, Եգիպտոսի եւ Մոնկոլիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ այլ տեղեր։
Արքունիքին կառուցուածքը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թագաւորութեան հռչակումէն ի վեր պետութիւնը կառավարած է արքունիքը, որ բաղկացած էր՝
- գործակալութիւններէ,
- վերին արքունի ատեանէն:
Վերին արքունի ատեանին գործառոյթները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ատեանին նիստերուն կը մասնակցէին մեծ իշխանները՝ բերդատէր պարոնները։ Վերին արքունի ատեանը խորհրդատուի իրաւասութիւն ունէր, իսկ նիստերը կը վարէր թագաւորը։
Պետութեան ազդեցիկ գործակալութիւններէն էր պայլութիւնը կամ խնամակալութիւնը։
Պայլին գործառոյթները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պայլը թագաւորին առաջին խորհրդականը եւ գահաժառանգին դաստիարակն էր, իսկ գահակալին անչափահասութեան պարագային՝ անոր խնամակալն ու պետութեան կառավարիչը։ Ան պետութիւնը կը կառավարէր նաեւ թագաւորին երկիրէն ժամանակաւոր բացակայութեան ընթացքին։
Սպարապետին գործառոյթները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սպարապետութեան գործակալը՝ սպարապետը կամ գունդստապլը, կը տնօրինէր ռազմական գործերը։ Ան թագաւորին առաջին տեղակալն էր. կը գլխաւորէր ինչպէս արքունի, այնպէս ալ իշխանական զօրամիաւորումները։ Բանակին սպառազինման եւ պարենաւորման գծով սպարապետին տեղակալը կոչուած է մարաջախտ։
Ջանցլերին (կանցլեր) գործառոյթները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արքունի դպրապետութեան (քարտուղարութիւն) գործակալը՝ ջանցլերը (կանցլեր) կամ ատենադպիրը, վարած է արտաքին գործերը, կազմած եւ թագաւորին հետ ստորագրած է պետական հրովարտակները եւ շնորհագիրերը։ Ան պահած է պետական կնիքը, ղեկավարած դիւանագիտական յարաբերութիւնները, թագաւորին անունով բանակցութիւններ վարած՝ օտարերկրեայ պետութիւններու հետ։ Այդ պաշտօնը սովորաբար վարած է Սիսի արքեպիսկոպոսը, երբեմն՝ օտար լեզուներու գիտակ, տաղանդաւոր անձ մը (օրինակ՝ Վահրամ Րապունի վարդապետը)։
Սեղանապետութեան գործակալին գործառոյթները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սեղանապետութեան գործակալը զբաղած է արքունի տան եկամուտերով եւ ծախսերով, պալատին տնտեսութեամբ, համարուած է թագաւորին խորհրդականը եւ «հաւատարիմն տանն արքայի»։
Մաքսապետութեան գործակալին գործառոյթները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մաքսապետութիւն գործակալը ղեկավարած է պետական եկամուտերը, մաքսային եւ տուրքային գործերը, ներքին եւ արտաքին առեւտրական յարաբերութիւնները։ Անոր ենթարկուած են քաղաքներու, նաւահանգիստներու եւ մաքսատուներու վերակացուները եւ միւս պաշտօնեաները։ Նաեւ, Արքունիքին մէջ գործած են այլ ��արձրաստիճան պաշտօնեաներ՝ իշխանաց իշխանը, թագադիր իշխանը, սուրհանդակապետը (պետական գործակալ) եւ այլն։
Թագուհիին գործառոյթները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մեծ հեղինակութիւն վայելած է տիկնանց տիկինը՝ թագուհին։ Ան մասնակցած է արքունի եւ իշխանական խորհուրդի նիստերուն, քաղաքական մեծ դեր խաղացած է յատկապէս թագաւորին բացակայութեան, կամ վերջինիս մահուան պարագային։
Կանոնագիրք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կիլիկիոյ հասարակական-քաղաքական յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար, սկզբնական շրջանին առաջնորդուած են «Կանոնագիրք Հայոց»ով եւ ժողովներու կանոնական որոշումներով: ԺԲ. դարու վերջին, Ներսէս Լամբրոնացի, պակասը որոշ չափով լրացնելու համար, թարգմանած է բիւզանդական «Զինուորական օրէնքները», իսկ ԺԳ. դարու կիսուն Սմբատ Սպարապետը՝ «Անտիոքի ասիզները»: Սակայն այդ օրէնքները հայերուն համար օտար էին, ուստի Սմբատ Սպարապետ, օգտագործելով հայ միջնադարեան իրաւագիտութեան նուաճումները, 1265-ին կազմած է «Դատաստանագիրքը»` ազգային օրէնսգիրքը[1][2]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ ՍՄԲԱՏ ՍՊԱՐԱՊԵՏԻՆ ԴԱՏԱՍՏԱՆԱԳԻՐՔԸ
- ↑ «Կանոնագիրք»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-09-22-ին։ արտագրուած է՝ 2022-07-12