Jump to content

Բջիջային հեռաձայններուն պատմութիւնը

Բջիջային հեռաձայններուն պատմութիւնը, 3 Ապրիլ 1973-ը կը համարուի բջիջային հեռաձայնի պատմութեան մէջ առաջին հեռաձայնային խօսակցութիւնը[1]:

Մարթըն Քուփըր ամերիկացի ճարտարագէտ մըն էր, որ կ'աշխատէր հեռաձայնի ամերիկեան «Մոթորոլա» ընկերութեան մէջ:

3 Ապրիլ 1973-ին ան կը հեռաձայնէ իրենց մրցակից հեռաձայնի «Պելլ» ընկերութեան մէջ աշխատող Ճոըլ Ս. Սէնկըլի, հպարտօրէն անոր յայտնելու, որ կը հեռաձայնէր բջիջային հեռաձայնէ մը, իսկական փոխադրելի հեռաձայնէ մը:

Մինչեւ այդ թուականը միակ փոխադրելի հեռաձայնները դրուած էին շքեղ ինքնաշարժերու մէջ: Սակայն կարելի չէր զանոնք փոխադրել փողոցէն հեռաձայնելու համար:

Քուփըրի ձեռքերուն մէջ գտնուող հեռաձայնը կը կշռէ մօտաւորապէս 1 քիլօ եւ ունի 22 սմ մեծութիւն: Անոր շարժակը լիցքաւորելը կը կարօտի 10 ժամուան, եւ կարելի չէ հեռաձայնով խօսիլ աւելի քան մօտաւորապէս 20 վայրկեան: Տակաւին պէտք է զայն բարելաւել` զայն արտադրելու եւ ծախելու համար:

Մօտաւորապէս տասնեակ մը տարիներ ետքն է, որ առաջին բջիջային հեռաձայնը շուկայ կ'իջնէ:

  • Ան «ՏայնաԹԱՔ» կը կոչուի, սակայն ճանցչուած է աղիւսի անունով:
  • Այս բաց սրճագոյն «աղիւսը» ունի 33 սմ մեծութիւն եւ կը կշռէ 794 կրամ:
  • Անոր գինը շատ սուղ է` 3995 տոլար, որ հաւասար է ներկայի աւելի քան 10 հազար տոլարի:
  • Տարիներու ընթացքին, այս հեռաձայնը ծանր, խճաղաղ, ոչ շատ գործօն եւ սուղ առարկայ մը կը համարուի:

1990-ական թուականներու սկիզբը մեծ փոփոխութիւններ տեղի կ'ունենան: ՃՍՄ («Կլոպըլ սիսթըմ ֆոր մոպայլ քոմիւնիքէյշընզ») դրութիւնը կը հաստատուի եւ կը սփռուի աշխարհի տարբեր շրջաններու մէջ: Հեռաձայնային ազդանշանը թուային կը դառնայ, հետեւաբար` աւելի թեթեւ եւ աւելի լաւ որակով: Այս առաջին փուլերուն բջիջային հեռաձայն մը կ'արժէ 500-700 տոլար եւ կը ծառայէ միայն ուղղակիօրէն զանգելու:

1990-ական թուականներուն ընթացքին բջիջային հեռաձայններուն թիւը կը բազմապատկուի, եւ անոնց գինը կը նուազի: «Կապակցութիւն` չունեցող վայրերը կը նուազին: Այս շրջանին կը ծնի նաեւ ՍՄՍ-ը (Շորթ Մէսըճ Սիսթըմ):

Այս գործիքները անդադար կը բարելաւուին, անոնց հզօրութիւնը եւ ցանցերուն կարողութիւնները կ'աւելնան: 1994-ին շուկայ իջած առաջին սմարթֆոնը յաճախորդները չի գրաւեր: Սակայն մարդիկ կամաց-կամաց կը վարժուին գործածելու աւելի փոքրիկ, աւելի թեթեւ, առանց խճողող ալեհաւաքի, լման գիրերու պաստառով հեռաձայններ, որոնց պարունակութիւնը շատ աւելի հարուստ եւ ամբողջական է` օրատետր, նոթագրութեան կարելիութիւն, նկարներ եւ վիտէօներ ղրկելու կարելիութիւն, եւ համացանցին վրայ աշխատիլ:

Ուշիմ բջիջային հեռաձայն (Սմարթֆոն)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սմարթֆոնը, որ գրպանի համակարգիչի մը կը նմանի, ինքզինք կը պարտադրէ վերջապէս: Ան կարելիութիւնը կու տայ լուրեր եւ տեղեկութիւններ փոխանցելու, համացանցին վրայ փնտռտուքներ ընելու եւ ընկերային ցանցերուն վրայ փոխանակումներ ընելու, ճամբայ գտնելու, նկարներ առնելու, ֆիլմեր նկարելու, առտուն արթննալու, երաժշտութիւն մտիկ ընելու, վիտէօներ դիտելու, օրատետրը կազմակերպելու, վճարումներ կատարելու, հեռուէն մեքենաներ աշխատցնելու եւ հեռաձայնելու[2]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]