Jump to content

Արիստոտէլ

Արիստոթելիս
հին յուն․՝ Ἀριστοτέλης[1]
Ծնած է ՔԱ384[2][3][4][…]
Ծննդավայր Սթաղիրա, Խալքիտեան լիկա, Խալքիտիքի, հիւսիսային Յունաստան
Մահացած է ՔԱ322[2][3][5][…]
Մահուան վայր Հին Խալքիտա, Խալքիտա, Էվիա
Ազգութիւն Յոյն[6]
Ուսումնավայր Պղատոնական Ակադեմիա[6]
Ազդուած է Պղատոն[6], Սոկրատ, Իրաքլիս, Փարմենիտիս, Զինոն Էլէաթցին, Տիմոքրիթոս, Անաքսիմատրոս, Էփիքուրոս, Իփոքրաթիս եւ Էպետոքլիս
Երկեր/Գլխաւոր գործ Փոլիթիքա, Իթիքա Նիքոմախիա[7], Մեթաֆիսիքա, Ֆիսիքա, Օրղանոն, Փիիթիքա (Արիստոթելիս), Աթինէոն Փոլիթիա (Աթենացիներուն սահմանադրութիւնը), Eudaimonia? եւ Meteorology?
Մասնագիտութիւն փիլիսոփայ
Ամուսին Փիթիաս[6]
Ծնողներ հայր՝ Նիքոմախոս[6]
Երեխաներ Նիքոմախոս[6] եւ Փիթիատա

Արիստոթելիս[8], (Ք․Ա․ 384 Սթաղիրա, Խալքիտեան լիկա, Խալքիտիքի, հիւսիսային Յունաստան - Ք․Ա․ 322 Հին Խալքիտա, Խալքիտա, Էվիա, Յունաստան ) յունական դասական փիլիսոփայութեան գլխաւոր ներկայացուցիչներէն մէկը։ Պղատոնի փիլիսոփայութեան նման՝ Արիստոթելիսի փիլիսոփայութիւնը խոր եւ անջնջելի հետք թողած է յաջորդ դարերու փիլիսոփայական մտքի զարգացման վրայ։ Իր անունով կոչուած է Սելանիկի Արիստոթելեան համա��սարանը։

Արիստոթելիս ծնած է Ք.Ա. 384, 7 Մարտ-ին, Թրակիոյ Ստագիրա քաղաքին մէջ, մակեդոնական արքունիքի պալատական Նիքոմախոս բժիշկին ընտանիքին մէջ։ 17 տարեկանին՝ Ք.Ա. 366-ին կ’անցնի Աթէնք եւ կ’ընդունուի Պղատոնի հիմնադրած ակադեմիան, ուր կ’ուսանի մինչեւ իր ուսուցիչին՝ Պղատոնի մահը Ք.Ա. 347 թուականին։

Անձնական կեանքը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ք.Ա. 369 թուականին կը մահանան Արիստոթելիսին ծնողները։ Երիտասարդ փիլիսոփային խնամակալութիւնը կը ստանձնէ Փրոքսենոս, որուն Արիոտոթելիս կը յարգէր ու կը սիրէր եւ անոր մահէն ետք ինքը՝ Արիստոթելիս, կ'որդեգրէ Փրոքսենոսին միակ որդին՝ Նիքատորասին։ Արիստոթելիս հարուստ ընտանիքէ մըն էր եւ իր հօրմէն ժառանգած էր էական հարստութիւն, որ իրեն թոյլ կու տար, որ հանգիստ ապրի եւ ապահովէ սեփական կրթութիւնը։ Ք.Ա. 347 թուականին Արիստոթելիս կ'ամուսնանայ Փիթիային հետ եւ կը բախտաւորուին աղջիկ զաւակով մը։ Արիստոթելիսին կինը եւ միակ աղջիկը իրմէ առաջ մահացած են։[9]

Ալեքսանտր Մակեդոնացիին կրթութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ք.Ա. 343 թուականին Մակեդոնիոյ թագաւոր Փիլիպպոս Բ․-ի հրաւէրով Արիստոթելիս կը տեղափոխուի մայրաքաղաք Փելա եւ կը զբաղի Ալեքսանդր Մակեդոնացիին դաստիարակութեամբ։

Դպրոցի հիմնումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Լիքիոս Ափոլոնասի արձանը
Աթէնք, Լիքիօ հնագիտական վայրը․ Րիղիլիս փողոց
Պատկերացում Արիստոթելիսին Դպրոցին, Լիքիօ հնագիտական վայրի 1996-ին պեղումներուն վրայ յենուած

Երբ Ալեքսանդր կը սկսի իր պարսկական արշաւանքը, Արիստոթելիս Աթէնք կը վերադառնայ եւ Լիքիոս Ափոլոն տաճարին պուրակին քով կը հիմնէ իր դպրոցը, որ տեղանքի անունով կը կոչուի Լիքիօ։

Մեծն Աղեքսանտրին նիւթական օժանդակութեամբ, Արիստոթելիս դպրոցին շուրջ կառուցել կու տայ շքեղ շէնքեր եւ ճեմելիքներ, որոնք «փերիփաթի» περίπατοι (բառացի թարգմանութեամբ՝ շրջագայութիւններ) կը կոչուին։ Հաւանաբար այդ պատճառով դպրոցը յետագային կը կոչուի Փերիփաթիթիքի Սխոլի Περιπατητική Σχολή (բառացի թարգմ․՝ շրջագայող դպրոց), իսկ աշակերտները՝ փերիփաթիթիքի ֆիլոսոֆի περιπατητικοί φιλόσοφοι (բառացի թարգմ․ շրջագայող փիլիսոփաներ)։[10]

Ալեքսանդր Մակեդոնացիին մահէն ետք Աթէնքի մէջ կը սկսին հակամակեդոնական հոսանքներ, որոնց ժամանակ Արիստոթելիս կը մեղադրուի «անաստուածութիւն» քարոզելու համար։ Ան Աթէնքէն կը մեկնի ու Խալքիտա քաղաքը կ'երթայ։ Իր հիմնած դպրոցի ղեկավարումը կը վստահի իր աշակերտներէն՝ Թէոֆրասթոսին։ Խալքիտայէն հեռանալէն տարի մը ետք (Ք.Ա. 322) Արիստոթելիս կը մահանայ եւ իր կտակին համաձայն կը թաղուի իր առաջին կնոջ՝ Փիթիայի կողքին[9]։

Արիստոթելիսի փիլիսոփայութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ժամանակակի ընթացքին, շատ գիտնականներ Պղատոնի եւ Արիստոթելիսի փիլիսոփայութեան կ’ընդգծեն բազմաթիւ ընդհանրութիւններ ու նմանութիւններ, երկրորդի փիլիսոփայութիւնը կը տարբերի Պղատոնի սահմանած ուսմունքէն։ Փիլիսոփայական գիտութեան շրջանակներուն մէջ Արիստոթելիսին գաղափարները ստացած են նաեւ «արիստոտէլականութիւն» եզրը։

Պղատոնի եւ Արիստոթելիսի փիլիսոփայութիւններու տարբերութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Արիստոթելիսին գերեզմանը, Սթաղիրա, Խալքիտիքի

Պղատոնի լեզուամտածողութիւնը գեղարուեստական-դիցաբանական էր, իսկ Արիստոթելիսինը՝ ձեւական-տրամաբանական. երկրորդ, եթէ Պղատոն ճշմարիտ գիտելիքը, գեղեցիկը, բարիքը կը փնտռէր իտէալական աշխարհին մէջ, ապա Արիստոթելիս՝ զգայական-նիւթական աշխարհին մէջ կը փնտռէր։ Պղատոն այս աշխարհը կը համարէր ստուերներու աշխարհ, ապա Արիստոթելիս կը համարէր իսկական կեցութեան աշխարհ։ Պղատոն ստուերները կը հակադրէր զգայական-նիւթական իրերուն, մինչդեռ Արիստոթելիս ստուերները կը տեղաւորէր իրերու մէջ, որպէս էութիւններ։ Երրորդ, եթէ Պղատոն կ’ընդունէր բնածին գաղափարներու եւ գիտելիքներու գոյութիւնը մարդու հոգիին մէջ, ապա Արիստոթելիս հոգին կը նմանցնէ «մաքուր տախտակ»ի մը, կարծելով, որ բնածին է միայն ճանաչելու կարողութիւնը։

Փիլիսոփայութեան տեսանկիւնէն յատկապէս նշանակալի էին Արիստոթելիսին կողմէ մտածողութեան հիմնական օրէնքները՝ հակասութեան, նոյնութեան եւ երրորդի բացառման ձեւակերպումները։ Անոնցմով իսկ խորտակիչ հարուած հասցուց յարաբերապաշտական ու սոփեստական ուսմունքներուն, որոնք մերժելով ճշմարտութեան հանրանշանակ գոյութիւնը, կասկածի տակ կը դնէին առհասարակ գիտելիքի գոյութիւնը։ Նոյնութեան օրէնքը կ’արգիլէ դատողութեան ընթացքին միեւնոյն հասկացութիւնը տարբեր իմաստով եւ նշանակութեան գործածել մինչդեռ ան սոփեստներու առանցքային հնարքներէն էր։ Հակասութեան օրէնքի համաձայն երկու հակադիր դատողութիւններ կարողութիւնը չունին միաժամանակ ճշմարիտ ըլլալ, այսինքն կարելի չէ նոյն ժամանակ որեւէ յատկութիւն նոյն իմաստով վերագրուի մէկ բանի եւ նոյն ժամանակին այդ մէկը ժխտել։ Հակասութեան օրէնքէն կը բխի երրորդի բացառման օրէնքը, որ կ’արգիլէ ո՛չ միայն այն, որ նոյն բանին կարող չէ միաժամանակ վերագրել հակադիր յատկութիւններ, այլեւ այն մէկը, որ անոր ճշմարիտ ըլլալը՝ կը նշանակէ միւսի կեղծ ըլլալը։

Արիստոթելիսի բարոյագիտական հայեացքները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Սելանիկի համալսարան․ Արիստոթելիսին արձանը

Արիստոթելիսի բարոյագիտական հայեացքները շարադրուած են Նիքոմախոսի բարոյագիտութիւնը, Եւթիմիոսի բարոյագիտութիւնը եւ Մեծ բարոյագիտութիւն աշխատութիւններուն մէջ։ Համաձայն Արիստոթելիսին՝ բարոյագիտութիւնը սերտօրէն կապուած է քաղաքագիտութեան հետ եւ որոշ իմաստով կը հանդիսանայ քաղաքագիտութեան մասն ու սկիզբը։ Արիստոթելիսի բարոյագիտութիւնը տրամաբանօրէն կապուած է անոր փիլիսոփայական հայեացքներուն հետ։ Ինչպէս անոր գոյաբանութիւնը, այնպէս ալ բարոյագիտութիւնը նպատակաբանական բնոյթ ունի։ Տիեզերքի բոլոր գոյացութիւնները, այդ թուականը եւ մարդը, ներքին ձգտում ունին դէպի բարիքը, դէպի բարձրագոյն բարիքը՝ իբրեւ վերջնական նպատակ։ Արիստոթելիս բարոյագիտութիւնը կը սահմանէ որպէս այնպիսի գիտութիւն, որ կը վերաբերի մարդու կեանքի իմաստին եւ նպատակին, գիտութիւնը այն մասին կ’ըսէ, թէ ինչպէս մարդը կարող է հասնիլ բարձրագոյն բարիքին՝ երջանկութեան կամ երանութեան։

Արիստոթելիս կը քննադատէ Պղատոնի բարոյագիտական ուսմունքի հիմնարար քանի մը գաղափարները.

...մեր պարտքն է յանուն ճշմարտութեան փրկութեան հրաժարիլ թանկագինէն ու մերձաւորէն, մանաւանդ եթէ մենք փիլիսոփաներ ենք։ Ու չնայած երկուքը մեզի թանկագին են, այնուամենայնիւ, արժանապատիւը՝ ճշմարտութիւնը, առաւել պաշտելն է

[11] Արիստոթելիսին կարծիքով Պղատոնի բարձրագոյն բարիքը անհասանելի է մարդուն, հետեւաբար՝ անիրական է։

Բարձրագոյն բարիք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արիստոթելիսին կարծիքով բարձրագոյն բարիքին հասնելու նախապայմանը կատարեալ ըլլալն է։ Ան առաքինութիւնները կը բաժնէ երկու խումբի՝ բարոյական ու մտային-բարոյական (մտաւոր)։ Բարոյական առաքինութիւնները պայմանաւորուած են մարդու խառնուածքով, բնաւորութեամբ, իսկ մտային-բարոյականը կապուած է հոգիի բանական յատկութիւններուն հետ, օրինակ՝ խելամտութիւնը, խոհականութիւնը եւ իմաստութիւնը։ Եթէ մտաւոր առաքինութիւնները հասանելի են, ապա բարոյականները դաստիարակութեան արդիւնք են։ Առաքինութիւնը, ըստ Արիստոթելի, երկու ծայրայեղութիւններու միջին ընտրութիւնն է։ Արիստոթելիս կը պարզաբանէ, որ առաքինութիւնը կ’ընտրէ միջինը ո՛չ թէ առհասարակ լաւէն եւ վատէն, այլ լաւերէն կ’ընտրէ լաւագոյնը։

Պետութեան մասին Արիստոթելեան ուսմունք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Յունական 5 դրամ՝ Δραχμή, Արիստոթելիի դիմանկարով

Պետութեան մասին Արիստոթելեան ուսմունքը հիմնուած է այն բանին վրայ, որ մարդը ի բնէ հասարակական-քաղաքական էակ է, ստեղծուած է համատեղ սոցիալական կեանքի համար։ Մարդը առանց միւս մարդոց հետ յարաբերելու չի կրնար ունենալ լիարժէք կեանք։ Հասարակութենէն դուրս ապրող մարդը, ըստ Արիստոթելիսի, կամ գերմարդ է կամ ալ՝ բարոյական իմաստով զարգացած է։ Մարդկանց համակեցութեան ձեւերը բազմազան են, բայց բարձրագոյնը, որուն կ’ենթարկուի միւս բոլորը, պետութիւնն է։ Սկիզբը, ձեւաւորուած են ընտանիքները, յետոյ համայնքները, այնուհետեւ՝ պետութիւնը։ Լաւագոյն պետական կառավարման ձեւը, ըստ Արիստոթելիսի, յունական քաղաք-պետութիւնն է, քանի որ միայն յոյները կարողութիւնը ունին ազատութիւնը համատեղել կարգի եւ մշակոյթի հետ։ Լաւագոյն պետութիւնը չի կրնար պատկերացնել առանց ստրուկներու, թէեւ ինչպէս վերջերս, աշխատաւորները, երկրագործները եւ արհեստաւորները չունին քաղաքացիական իրաւունքներ։ Ստրուկը ինքն իրեն չի պատկանիր, բայց մարդ է, որ բնութեամբ ստրուկ է։ Ինչպէս Պղատոն, այնպէս ալ Արիստոտէլը, կարեւոր դիրքեր կ’ունենան պետութեան մարդկանց դաստիարակութեան եւ բարոյական կատարալագործման գործին մէջ[12]։

Աշխատութիւնները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Սթաղիրա հնագիտական վայր․ Խալքիտիքի, Հիւսիսային Յունաստան

Արիստոթելիս գրած է բազմաթիւ եւ բազմատեսակ աշխատութիւններ, որոնց մէկ մասը չէ հասած մեզի։ Արիստոթելիսի աշխատութիւններն ըստ բովանդակութեան կը բաժնուին 7 խումբի՝ տրամաբանական, փիլիսոփայական, ֆիզիքական, կենսաբանական, բարոյագիտական, հասարակագիտական եւ գեղագիտական։ Արիստոթելիսի գիտութիւնները կը դասակարգուէին երեք խումբի մէջ՝ տեսական, գործնական եւ ստեղծագործական[13]: Որոշ աշխատութիւններու համար, գիտնականները կը վիճարկեն Արիստոթելիսի հեղինակ ըլլալը։ Անոր փիլիոսփայական բոլոր ստեղծագործութիւնները ստացած են «Արիստոթելեան կորպուս» անուանումը։

Տրամաբանութիւն (Օրգանոն)

  • Ստորոգութիւններ / Κατηγοριῶν / Categoriae
  • Բացատրութիւններու մասին / Περὶ ἑρμηνείας / De Interpretatione
  • Առաջին վերլուծութիւն / ἀναλυτικά πρότερα / Analytica Priora
  • Երկրորդ վերլուծութիւն / ἀναλυτικά ὑστερα / Analytica Posteriora
  • Թոփիքա / Τοπικῶν / Topica
  • Սոփեստական հերքումներու մասին / Περὶ τῶν σοφιστικῶν ἐλέγχων / De Sophisticis Elenchis

Բնութեան մասին

  • Ֆիզիքա / Φυσικὴ ἀκρόασις / Physica
  • Երկնքի մասին / Περὶ οὐρανοῦ / De Caelo
  • Արարման եւ ոչնչացման մասին / Περὶ γενέσεως καὶ φθορᾶς / De Generatione et Corruptione
  • Օդերեւութաբանութիւն / Τα μετεωρολογικά / Meteorologica
  • Տիեզերքի մասին / Περὶ κόσμου / De Mundo **
  • Հոգիի մասին / Περὶ ψυχῆς / De Anima
  • Ընկալումի մասին О восприятии и воспринимаемом Περὶ αἰσθήσεως καὶ αἰσθητῶν / De Sensu et Sensibilibus
  • Յիշողութեան մասին Περὶ μνήμης καὶ ἀναμνήσεως / De Memoria et Reminiscentia
  • Քունի մասին / Περὶ ὗπνου καὶ ὶγρηγορήσεως / De Somno et Vigilia
  • Երազներու մասին / Περὶ ἐνυπνίου / De Insomniis
  • Երազահանութեան մասին / Περὶ τῆς καθ΄ ὕπνον μαντικῆς / De Divinatione per Somnum
  • Կեանքի երկարութեան եւ կարճութեան մասին / Περὶ μακροβιότητος καὶ βραχυβιότητος / De Longitudine et Brevitate Vitae
  • Երիտասարդութեան, ծերութեան, կեանքի եւ մահուան մասին / Περὶ νεότητος καὶ γήρως καὶ ζωῆς καὶ θανάτου / De Juventute et Senectute, De Vita et Morte
  • Շնչառութեան մասին / Περὶ πνεύματος / De Respiratione **
  • Կենդանիներու պատմութիւնը / Περὶ τὰ ζὼα ἱστορίαι / Historia Animalium
  • Կենդանիներու մասերու մասին / Περὶ ζῴων μορίων / De Partibus Animalium
  • Կենդանիներու շարժումներու մասին / Περὶ ζῴων κινήσεως / De Motu Animalium
  • Կենդանիներու շարժի մասին / Περὶ ζῴων πορείας / De Incessu Animalium
  • Կենդանիներու ծագման մասին / Περὶ ζῴων γενέσεως / De Generatione Animalium
  • Գոյներու մասին / Περὶ χρωμάτων / De Coloribus **
  • Լսողութեան մասին / Περὶ ἀκουστῶν / De Audibilibus **
  • Ֆիզիոէքոնոմիքա / Φυσιογνωμικά / Physiognomonica **
  • Բոյսերու մասին / Περὶ φυτών / De Plantis **
  • Լսողութեան հրաշքներու մասին / Περὶ θαυμάσιων ἀκουσμάτων / De mirabilibus auscultationibus **
  • Մեքենական Միխանիքա / Μηχανικά / Mechanica **
  • Խնդիրներ Փրովլիմաթա/ Προβλήματα / Problemata *
  • Անբաժանելի գիծերու մասին / Περὶ ατόμων γραμμών / De Lineis Insecabilibus **
  • Քամիներու ուղղութիւններու եւ անուանումներու մասին / Ἀνέμων θέσεις καὶ προσηγορίαι / Ventorum Situs et Cognomina **
  • Քսենոփոնի, Զենոնի եւ Գորգիի մասին / Περὶ Ξενοφάνους, περὶ Ζήνωνος, περὶ Γοργίου / De Melisso Xenophnae Gorgia **

Մեթաֆիզիքա

  • Մեթաֆիզիքա / Μετὰ τὰ φυσικά / Metaphysica

Բարոյագիտութիւն եւ քաղաքականութիւն

  • Նիկոմաքոսի բարոյագիտութիւնը / Ἠθικὰ Νικομάχεια / Ethica Nicomachea
  • Մեծ բարոյագիտութիւն / Ἠθικὰ μεγάλα / Magna Moralia *
  • Եւդեմոսի բարոյագիտութիւնը / Ἠθικὰ Εὐδήμεια / Ethica Eudemia
  • Չարի եւ բարիի մասին / Περὶ Ἀρετῶν καὶ κακιῶν / De Virtutibus et Vitiis Libellus
  • Քաղաքականութիւն / Πολιτικά /Politica
  • Տնտեսութիւն / Οἰκονομικά / Oeconomica *
  • Աթէնքի հասարակարգը / Ἀθηναίων πολιτεία /

Բանաստեղծութիւն եւ հռետորութիւն

  • Հռետորութեան արուեստը / Ῥητορικὴ τέχνη / Ars Rhetorica
  • Ալեքսանդրեան հռետորութիւն / Ῥητορικὴ πρὸς Ἀλέξανδρον / Rhetorica ad Alexandrum **
  • Փոէթիքա Բանաստեղծութեան մասին / Περὶ ποιητικῆς / Ars Poetica

Հիփաթիա

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Aristotle
  2. 2,0 2,1 Лосев А. Ф. Аристотель // Краткая литературная энциклопедияМ.: Советская энциклопедия, 1962. — Т. 1.
  3. 3,0 3,1 Berry A. A Short History of AstronomyLondon: John Murray, 1898.
  4. Любкер Ф. Aristoteles // Реальный словарь классических древностей по Любкеру / под ред. Ф. Ф. Зелинский, А. И. Георгиевский, М. С. Куторга et al. — СПб.: Общество классической филологии и педагогики, 1885. — С. 152–154.
  5. Аристотель // Энциклопедический лексиконСПб.: 1835. — Т. 3. — С. 52–54.
  6. 6,0 6,1 6,2 6,3 6,4 6,5 6,6 Aristotle
  7. Yamamoto Y. (unspecified title) — 2022. — է. 11. — ISBN 978-4-14-223139-3
  8. Յովհաննէս Բարսեղեան (2006)։ «Աշխարհագրական անունների հայերեն տառադարձության մասին որոշում»։ Տերմինաբանական եւ ուղղագրական տեղեկատու։ Երեւան: 9-րդ հրաշալիք։ էջ 57։ ISBN 99941-56-03-9 
  9. 9,0 9,1 Դիոգենես Լաերտիուս - «Արիստոտելի կայնքը»
  10. Արիստոթելիս
  11. Արիստոտել - Նիկոմախի բարոյագիտությունը
  12. Արիստոտել - Աթենքի հասարակարգը
  13. Սեյրան Զաքարյան - Փիլիսոփայության պատմություն. Գլուխ 5

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]