Մակար Եկմալեան
Մակար Եկմալեան, (2 Փետրուար 1856,Վաղարշապատ- 9 Մարտ 1905, Թիֆլիս):Հայ երգահան, խմբավար եւ մանկավարժ: Իր երաժշտական գործունէութեամբ մեծապէս նպաստած է ազգային երաժշտական դպրոցի ձեւաւորումին. մշակած է հայկա��ան միաձայն երգեցողութեան բազմաձայնումի սկզբունքները, հիմնադրած է օրադորիա-գանդաթի եւ ռոմանսի ժանրերը։
Մակար Եկմալեան |
---|
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԾնած է Վաղարշապատ, Ալաշկերտի շրջանի Եկմալ գիւղէն գաղթած ընտանիքի մը մէջ։ Ուսումը ստացած է ծննդավայրի ծխական դպրոցին մէջ, ապա Էջմիածնի Ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ, աշակերտելով Նիկողայոս Թաշճեանին։ 1872 թուականին կ'աւարտէ Ժառանգաւորաց վարժարանը։ 1874 թուականին կը նշանակուի Գէորգեան վարժարանի հայկական ձայնագրութեան ուսուցիչ, 1878-ին կ'ուղարկուի Փեթերսպուրկ, տեղւոյն երաժշտանոցին մէջ կատարելագործելու իր մասնագիտութիւնը։ Փեթերսպուրկի երաժշտանոցին մէջ կ'աշակերտէ փրոֆեսորներ՝ Լէատովին, Նիքոլայ Ռիմսկի-Գորսաքովին եւ Սագետտիին։ 1888 թուականին կ'աւարտէ ուսումը ազատ արուեստագէտի տիպլոմով: Քանի մը տարի կը ղեկավարէ Փեթերսպուրկի հայկական եկեղեցւոյ երգչախումբը, միաժամանակ կը զբաղի հայկական պատարագի մշակմամբ, աւարտելով զայն 1892 թուականին։ 1891-ին կը նշանակուի Թիֆլիսի Ներսէսեան դպրոցի երաժշտութեան դասատու եւ երգչախումբի ղեկավար։ Այն երգչախումբը, որ առաջին անգամ կը կատարէ իր մշակած պատարագէն հատուածներ եւ կը հռչակէ իր անունը։
Եկմալեան, նշանաւոր երաժշտագէտ եւ խմբավար Նիկողայոս Թաշճեանի հսկողութեամբ երկու տարի կը հմտանայ հայկական նօթագրութեան մէջ, կը մասնակցի հոգեւոր երգերու ձայնագրութեան ու ժողովածուներու հրատարակութեան, որոնք կը ներկայացնեն գիտական ու գեղարուեստական մեծ արժէք։ 1874 թուականէն սկսեալ Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանին մէջ կը դասաւանդէ երգեցողութիւն եւ հայ եկեղեցական երաժշտութեան տեսութիւն։ 1877էն մինչեւ 1891 ան կը հաստատուի Սան Փեթերսպուրկ: 1888 թուականին կ'աւարտէ տեղւոյն երաժշտանոցի ստեղծագործական բաժինը, միաժամանակ կը վարէ Սուրբ Կատարինէ հայկական եկեղեցւոյ դպրապետի պաշտօնը։ 1891-էն սկսեալ կը բնակի Թիֆլիսի մէջ եւ մինչեւ 1902 թուականը կը դասաւանդէ Ներսիսեան դպրոցին մէջ, ուր կը ստեղծէ տղամարդկանց երգչախումբ։ 1893-1894 թուականներուն Եկմալեան կը դասաւանդէ Ռուսական կայսերական երաժշտական ընկերութեան Թիֆլիսի բաժանմունքի ուսումնարանին մէջ՝ վարելով ուսումնարանի նախագահի պաշտօնը։
Ստեղծագործութիւններ
Խմբագրել1896 թուականին լոյս կը տեսնէ «Երգեցողութիւն Սրբոյ Պատարագի»ն։ Ներսէսեան դպրոցին մէջ եւ հետագային իրեն կ'աշակերտեն երգիչներ Տիգրան Ներսէսեան, Արմենակ Շահմուրատեան, Շարա Տալեան, Մուշեղ Աղայեան, Արամ Տէր-Յովհաննէսեան, Անտոն Մայիլեան, Ազատ Մանուկեան եւ ուրիշներ։ Մեծ դեր կ'ունենայ ժողովրդական երգերու մշակումի եւ կատարումի գործին մէջ։ Կը մշակէ քանի մը տասնեակ ազգային եւ ժողովրդական երգեր՝ «Ազնիւ Ընկեր, Մեռնում Եմ», «Տէ՛ր, Կեցցո՛ Դու Զհայս», «Ո՛չ Փող Զարկինք, Ո՛չ Արձագանգ», «Կապոյտ Երկնքում Աստղեր Են Փայլում» եւ այլն, որոնք լայն տարածում գտած են։ Անոր ձայնային եւ գործիքային ստեղծագործութիւններէն քանի մը հատը, որոնց կարգին «Ռոզայի Թափառումները» գանդաթը, որ գրած է Փեթերսպուրկի երաժշտանոցը աւարտելուն առիթով, սակայն մնացած են ձեռագիր եւ կորսուած։[1]
Ուսանողական տարիներուն կատարած է ժողովրդական եւ հոգեւոր մեղեդիներու խմբերգային մշակումներ։ Անոր ստեղծագործութեան մէջ իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ ընդարձակ քնարավիպական «Պատարագը», որ գրուած է երգչախումբի համար՝ առանց նուագակցութեան։ Հետագային նշեալ ստեղծագործութիւնը բարձր գնահատած են երաժշտական յօրինողներ Ֆերենց Լիստը, Քամիլ Սեն-Սանսը եւ ուրիշներ։ Եկմալեանը մշակած է բազմաթիւ ժողովրդական եւ աշուղական երգեր (երգչախումբի կամ մեներգի համար՝ դաշնամուրի նուագակցութեամբ), որոնցմէ հանրայայտ են «Անձրեւն Եկաւ», «Լուսնակ Գիշեր», «Ջան Գուլում», «Հով Առէք, Սարեր Ջան», «Աղջիկ Դու Սիրուն», «Վարդ Կօշիկս», «Ազնիւ Ընկեր», «Կեցցէ՛ Զէյթուն», «Ձայն Մը Հնչեց», ինչպէս եւ եկեղեցւոյ շարականներ, հոգեւոր երգեր («Նորահրաշ», «Աշխարհ Ամենայն» եւ այլն)։ Գրած է «Ռոզայի Դեգերումները» գանդաթը, դաշնամուրային նոքթիւռն, սիմֆոնիկ նախերգանք։ Մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելեն «Ով Հայոց Աշխարհ», «Թաղումն Քաջորդոյն», «Լռեց...» խմբերգները, «Պաղ Աղբիւրի Մօտ», «Սիրուհիս» ռոմանսները եւ այլ ստեղծագործութիւններ։
Եկմալեանին աշակերտած են Կոմիտաս, Արմենակ Շահմուրատեանը, Շարա Տալեանը, Արմէն Տիգրանեան եւ ուրիշներ։ Եկմալեանի անունով Երեւանի մէջ կոչուած է փողոց։ 1895 թուականին Գէորգ Արքեպիսկոպոս Սուրէնեանցի (1911-1930 թուականներուն՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գէորգ Ե. Սուրէնեանց) միջնորդութեամբ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Մկրտիչ Ա. Վանեցիի (Մկրտիչ Խրիմեան) հայրապետական կոնդակով՝ Մ. Եկմալեանի «Պատարագը» Հայ եկեղեցին պաշտօնապէս ընդունած է եւ սկիզբ դրուած է անոր բազմաձայն կատարումին։
Աղբիւրներ
ԽմբագրելԾանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Գառնիկ Ստեփանյան (1973)։ Կենսագրական բառարան, հատոր Ա։ Երեւան: «Հայաստան»։ էջ էջ 298-299