Արմենակ Շահմուրատեան

Արմենակ Շահմուրատեան (7 Ապրիլ 1878(1878-04-07), Մուշ[1] - 14 Սեպտեմբեր 1939(1939-09-14)[1], Փարիզ[1]), հայ օփերային երգիչ։ Կոմիտասեան դպրոցի ամենանշանաւոր ներկայացուցիչներէն եւ հայ ազգային երգարուեստի վաստակաշատ գործիչներէն մէկը։ Զինք անուանած են «Հայ Կարուզօ»։ Փարիզի Մեծ Օփերային մէջ, աննախընթաց յաջողութիւն ունենալէն ետք, հեռանալով միջազգային ասպարէզէն, նուիրուած է հայ ժողովրդական ու հոգեւոր երգին՝ զայն տարածելով ամբողջ աշխարհի տարածքին։

Արմենակ Շահմուրատեան
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Տարոնի սոխակ[1]
Ծնած է 7 Ապրիլ 1878(1878-04-07)
Ծննդավայր Մուշ[1]
Մահացած է 14 Սեպտեմբեր 1939(1939-09-14)[1] (61 տարեկանին)
Մահուան վայր Փարիզ[1]
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
 Ֆրանսա
Ուսումնավայր Փարիզի երաժշտանոց
Ներսիսեան դպրոց[1]
Մասնագիտութիւն երգիչ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է 1878 -ին, Արեւմտեան Հայաստանի Մուշ քաղաքին մէջ, դարբին Սարգիսի ընտանիքին մէջ։ 8 տարեկանէն, անդամ էր եկեղեցւոյ երգչախումբին: Հօր մահէն ետք, մայրը անհրաժեշտ միջոցներ չի գտներ Արմենակի ուսման համար, սակայն Արմենակի բնատուր արտակարգ ձայնային շնորհները նկատի առնելով՝ Մշոյ հոգեւոր թեմի առաջնորդ Ներսէս եպիսկոպոս Խարախանեան՝ զայն կ'որդեգրէ եւ կ'ուղարկէ Մշոյ նշանաւոր Ս. Կարապետ վանքի Ժառանգաւորաց դպրոցը, ուսում ստանալու համար։ Արմենակ չի հաշտուիր եկեղեցւոյ անձուկ միջավայրին, եւ շատ չանցած, կը վերադառնայ Մուշ։ Այս անգամ Խարախանեանի մեկենասութեամբ ու յանձնարարական նամակով ան կը մեկնի Էջմիածին եւ կ'ընդունուի Գէորգեան ճեմարան։ Էջմիածնի մէջ՝ պատանի Արմենակ երաժշտութեան ուսուցիչ եւ համբաւաւոր երգահան՝ Կարա-Մուրզայի երգչախմուբին մեներգիչը կը դառնայ։ Արմենակի արտակարգ ձայնը եւ բարձրորակ կատարումը կը գրաւեն Կարա-Մուրզան փոխարինող՝ երիտասարդ Կոմիտասին ուշադրութիւնը, եւ ան առանձնայատուկ հոգատարութիւն կը ցուցաբերէ պատանիին հանդէպ (ողջ կեանքի ընթացքին)։ Շուրջ մէկուկէս տարի Արմենակ՝ որպէս երգիչ-երաժիշտ Կոմիտասի անմիջական հսկողութեամբ եւ մասնագիտական խորհուրդներով կը կատարելագործէ իր կարողութիւնները։ Ճեմարանին մէջ, Շահմուրատեանի դասընկերներն էին՝ Աւետիք Իսահակեանը, Գրիգոր Սիւնին, Դերենիկ Դեմիրճեանը եւ ուրիշներ։ Շուտով զինք կը հեռացնեն ճեմարանէն՝ այդ օրերու պահպանողական-յետադիմական գործելակերպին դէմ ուղղուած ուսանողական խռովութեան մասնակցելուն համար։ Սակայն, Խրիմեան Հայրիկի միջնորդութեամբ, կ'ընդունուի Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցը՝ ուսումը շարունակելու համար։ Շուտով կը ծանօթանայ Ղազարոս Աղայեանի, Գէորգ Բաշինջաղեանի եւ Յովհաննէս Թումանեանի։ Անոր երգելու արտակարգ ընդունակութիւնները կը գրաւեն նաեւ՝ դպրոցի երաժշտութեան ուսուցիչ Մակար Եկմալեանը։ 1896-ին, Շահմուրատեան կ'աւարտէ Ներսիսեան դպրոցը։

Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, սկսած էին համիտեան ջարդերը, եւ սուլթանական վայրագութիւններու դէմ թիֆլիսահայութեան մէջ բողոքի ալիք կը բարձրանար, որու եռանդուն մասնակիցներէն մէկը կը դառնայ Արմենակը։ Ցարական ոստիկանութիւնը կը ձերբակալէ զայն եւ կը բանտարկէ Մետեխի բանտը, ապա՝ իբրեւեւ թուրքահպատակի՝ կը յանձնէ թրքական կառավարութեան։ Բանտէ բանտ փոխադրուելով ան կը հասնի մինչեւ Կարս, ուր կը մնայ ութ ամիս։ Այդ օրերուն Արմենակի միակ սփոփանքը երգն էր, որմով կը նուաճէր հսկիչներուն բարեացակամութիւնը եւ բախտակիցներուն սէրը։ Անոր երգը կը թռչի բանտի պատերէն եւ կը հասնի թուրք հիւպատոս Ֆուատ պէյ-ին, որ իբրեւեւ «ազատ աքսորական» զայն կ'ուղարկէ հայրենի Մուշ, ուր երկու տարի Ս. Կարապետի Ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ ուսուցչութիւն ընելէ ետք, կը փոխադրուի Կարին (Էրզրում), ուր չորս տարի տեղի երկսեռ վարժարանին մէջ կը դասաւանդէ երաժշտութիւն, հայոց լեզու ու հայ ժողովուրդի պատմութիւն եւ կը ղեկավարէ իր ստեղծած երգչախումբը։

Իր աշակերտին ճակատագիրով մտահոգ Կոմիտաս, այդ օրերուն Էջմիածինէն Կարին լուր կ'ուղարկէ. «Ըսէ՛ք Արմենակին՝ չնստի-մնայ Էրզրում, պէտք է անպայման Իտալիա երթայ՝ ձայնը մշակելու»։ Սակայն Արմենակ, ազատ աքսորի մէջ ըլլալով, չէր կրնար առանց թոյլտուութեան Թուրքիոյ սահմանը անցնիլ: Դպրոցին ղեկավարութեան միջնորդութեամբ, բուժման մեկնելու նպատակով ձեռք կը բերէ լիբանանեան անձնագիր մը եւ ֆրանսական նաւով Լիբանանի փոխարէն կը մեկնի Փարիզ (1904)։ Այստեղ կը մասնակցի հայ մեծահարուստ՝ Ալեքսանտր Մանթաշեանցի ծախսերով կառուցուած եկեղեցւոյ օծման արարողութեան, ուր իբրեւեւ լաւագոյն երգիչ կը ճանչցուի։ Փարիզի մէջ, ան կ'աշակերտէ աշխարհահռչակ երգչուհիին՝ Փոլինա Վիարդոյին, որ սիրով յանձն կ'առնէ երկու տարի անվճար զբաղիլ անոր հետ։

Կ'ընդունուի մասնակցելու Փարիզի ելոյթին։ 27 Յունուար, 1911-ին, տեղի կ'ունենայ Շահմուրատեանի առաջին ելոյթը Գունոյի «Ֆաուստ» օփերային մէջ, Ֆաուստի դերակատարումով։ Ներկայացումը Փարիզի մամուլի եւ երաժշտասէր հասարակութեան խնդրանքով, հայ երգիչին մասնակցութեամբ կը կրկնուի շուրջ մէկ ամիս։ Շահմուրատեան միաբերան կը համարուի այդ օրերու Ֆրանսայի «ամենաթովիչ թենորը»։ 1912-1913 թուականներուն, Փարիզի Մեծ Օփերայի երգիչ Արմենակ Շահմուրատեան համերգներով հանդէս կու գայ Գահիրէի, Թիֆլիսի, Կ. Պոլսոյ եւ Պաքուի մէջ։

Շահմուրատեանին նիւթական աջակցութիւն կը ցուցաբերէ հայ գործարար եւ բարերար Ալեքսանտր Մանթաշեանցը։ 1914-ին, Շահմուրատեան կը տեղափոխուի ԱՄՆ, համերգներ ունենալով ամերիկեան մեծ քաղաքներու մէջ՝ (Նիւ Եորք, Սան Ֆրանսիսքօ, Պոսթըն, Տիթրոյտ, Ֆրեզնօ), նաեւ Եւրոպայի՝ (Լոնտոն, Մանչեսթըր, Պրիւքսել, Անտվերպեն, Ժընեւ, Զյուրիխ) ու Ասիոյ (Թեհրան, Պաղտատ, Կալկաթայի) մէջ։ Աշխարհով մէկ թափառելէ յոգնած, արդէն վատառողջ, նիւթապէս խիստ անապահով, Շահմուրատեան 1930-ին կը վերադառնայ Եւրոպա, կը հասնի Փարիզ եւ ամէնէն առաջ կը շտապէ հիւանդանոցին մէջ տառապող իր մեծ ուսուցիչին՝ Կոմիտասին քով։ Սենեակին մէջ, ուր Կոմիտաս պառկած էր, բժշիկին խորհուրդով Շահմուրատեան կ'երգէ «Հայաստան, երկիր դրախտավայր» երգը, որու առաջին քառատողն իսկ մոգական ազդեցութիւն կ'ունենայ Կոմիտասին վրայ։ Ան կը ճանչնայ իր սիրելի աշակերտը, կը նստի անկողինին մէջ, ձեռքերը կը տարածէ զինք գրկելու համար եւ կը բացագանչէ մէկ բառ՝ Արմենա՜կս… Այդքանը միայն։ Կոմիտասը այլեւս ո՛չ կը ճանչնայ, ո՛չ կը յիշէ եւ ո՛չ ալ կը պատասխանէ Շահմուրատեանի հարցումներուն։ Կ'երթայ պատուհանին քով, դէմքը կը դնէ ապակիին եւ խռովեալի տեսք կը ստանայ։ Շահմուրատեան երկար ժամանակ չի կրնար ձգել սենեակը:

1935-ին, Ամերիկայէն վերադարձին, կը յայտնաբերուին հոգեկան խանգարումի առաջին նշանները։ 1938-ին կը տեղափոխուի ապաքինարան։1939-ին, 61 տարեկան հասակին, կը կնքէ մահկանացուն իր բնակարանին մէջ՝ 42 Avenue Raspail, Arceuil. Սեպտեմբեր16-ին թաղումի արարողութիւնը տեղի կ՚ունենայ իր բնակարանին մէջ, որմէ ետք դագաղը կը փոխադրուի Արքէօյի մօտակայ գերեզմանատունը։

Մեջբերումներ Արմենակ Շահմուրատեանի մասին

Խմբագրել
  Շահմուրատը, որ հայ հողի սերմն է, հայ ջուրով սնուած ու հայ արեւով կիզուած, ունի ընտիր, պայծառ եւ եռանդուն ձայն։ Հայերուս համար որքա՛ն պարծենալիքներ պիտի առթնէ տակաւին ան, որ իր գործունէութեան գարնան շեմին վրայ է կանգնած...  
  Եղած են ուրիշ հայ երգիչներ, բայց Շահմուրատեանի նմանը չէ եղած։ Եթէ ինծի հարցնէք՝ ան փառաւոր կեանք ապրեցաւ: Կարեւոր չէ, թէ՛ ինչպէս եւ ինչու մահացաւ, որովհետեւ քիչ մարդիկ փառաւոր ձեւով կը մեռնին։  
  Ապրե՜ս, եթէ աշխարհին մէջ կան երեք հազուագիւտ ձայներ, մէկը քոնն է։
- Փոլինա Վիարդօ, ֆրանսացի երգչուհի
 


Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,00 1,01 1,02 1,03 1,04 1,05 1,06 1,07 1,08 1,09 1,10 Հայկական սովետական հանրագիտարան, հատոր 8 — հատոր 8. — է. 426.