Կաղապար:Օրվա հոդված/Փետրվարի 26, 2016 թ.
Նաւասարդ, Հայկական տոմարի առաջին ամիսը: Կազմուած է «նաւ» (նոր) եւ «սարդ» (տարի) բառերէն եւ կը նշանակէ «Նոր Տարի»: Նաւասարդ ամիսը ունեցած է 30 օր, սկսած է 11 Օգոստոսին եւ վերջացած՝ 9 Սեպտեմբերին: Հին հայերուն համար 1 Նաւասարդը (11 Օգոստոսը) եղած է ժողովրդական խրախճանքներու տօն:
Տարին ժամանակի սահմանն է, զոր առած է բնութենէն: Ատիկա այն ժամանակաշրջանն է, որու ընթացքին Երկիր մոլորակը կը կատարէ ամբողջական պտոյտ մը Արեւուն շուրջ: Երկրին կատարած շրջապտոյտը հաւասար է 934 միլիոն քմ.-ի, որ կ'անցնի մեծ արագութեամբ, եթէ յիշենք, որ մէկ երկվայրկեանի ընթացքին կ'անցնի 30 քմ:
Տարուան գաղափարը առաջին անգամ ծագած է Հին Արեւելքի մշակութային կենդրոններէն մէկուն` Եգիպտոսի մէջ: Անիկա կապուած է Նեղոս գետի վարարման հետ: Անով պայմանաւորուած էր եգիպտացիներու կեանքը, երկրագործական աշխատանքները: Նեղոսի վարարման սկիզբը կը համընկնէր Սիրիուս աստղի երեւնալուն հետ:Այդ պատճառով ալ աստղին եւ Նեղոսի վարարման միջեւ ինկած ժամանակաշրջանը կը կոչեն տարի:
Հակառակ այն իրողութեան որ «տարի» հասկացողութիւնը ծնած է... Ավելին⇒