Կաղապար:Օրվա հոդված/Փետրվարի 19, 2016 թ.
Հայկական Դիցաբանութիւն, հին հայերու հեթանոսական կրօն, որ պաշտօնական կը համարուէր Հայաստանի մէջ, մինչեւ Քրիստոնէութեան ընդունման թուականը՝ 301:
Հայոց հեթանոս աստուածներու առաջին դիցարանը ձեւաւորուած է հայ ժողովուրդի կազմաւորման զուգընթաց՝ կրօնապաշտամունքային հաւատալիքներու (թոթեմականութիւն, ոգեպաշտութիւն, բնապաշտութիւն, հմայական մոգութիւն) ազդեցութեամբ:
Հնագոյն գրաւոր աղբիւրներուն մէջ պահպանուած են տեղեկութիւններ՝ հայոց առաջին պետական կազմաւորումներու մէջ, գոյութիւն ունեցած պաշտամունքային երեւոյթներու մասին: Հայկական լեռնաշխարհին մէջ վկայուած առաջին պետական կազմաւորման` Արատտայի (Ք.Ա. 28–27 -րդ դարեր) հովանաւորը արարչագործ Հայա աստուծոյ որդի՝ Տումուզին էր (շումերերէն է. կը նշանակէ՝ հարազատ որդի), որու անունը Աստուածաշունչի թարգմանութիւններու մէջ փոխարինուած է Օրիոն-Հայկով:
Հայասա երկրի (Ք.Ա. 15–13-րդ դարեր) աստուածները յիշատակուած են... Ավելին⇒