Կաղապար:Օրվա հոդված/Հուլիսի 2, 2016 թ.
Կիւրեղ Ալեքսանդրացի (Յունարէն՝ Κύριλλος Α΄ Αλεξανδρείας) (376 - 444 27 Յունիս, նշանաւոր եկեղեցական գործիչ, 412-444 Ալեքսանդրիոյ եպիսկոպոս, աստուածաբան, յունական հայրաբանութեան հիմնական ներկայացուցիչներէն մէկը, քրիստոնեայ եկեղեցւոյ ընդհանրական սուրբ։ Յայտնի է նեստորականութեան դէմ իր անզիջող կեցուածքով։ Կիւրեղի գրածները վաղ միջնադարուն հայերէնի թարգմանուած են ։ Կիւրեղի նշանաւոր բանաձեւը՝ «Բնութիւն Բանին մարմնացելոյ», դարձած է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Քրիստոսի բնութեան վարդապետութեան հիմնաքարը:
Կիւրեղ Ալեքսադրացիի երկերը հայացուած են V–VIII դարերուն: Շարք մը գործեր պահպանուած են միայն հայերէն թարգմանութիւններով։ 714 –715-ին Դաւիթ Հիւպատոսի եւ Ստեփանոս Սիւնեցիի ջանքերով թարգմանուած է «Գիրք պարապմանցը», որու 44 ճառերուն մասին Գրիգոր Տաթեւացին գրած է «Լուծմունք ի պարապմունս սրբոյն Կիւրեղի» ընդարձակ եւ հմտալից մեկնութիւնը (տպագրուած է «Գիրք պարապմանցի» հետ)։ «Գիրք պարապմանցը» եւ «Գիրք գանձուցը» իբրեւ դաւանաբանական կարեւորագոյն ձեռնարկներ ... Ավելին⇒